Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան` Տէյվիտ Հէյլի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Սուրիոյ տագնապին, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին կապուած հարցերու մասին:

Վեհափառ հայրապետը յիշեալ հարցերուն շուրջ պարզեց իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտեցումները: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը մեծապէս գնահատեց կաթողիկոսին  կատարած իրատեսական վերլուծումները եւ արժեւորումները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )