Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Խանդավառ Եւ Աշխուժ Վերամուտ

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը աննախընթաց աշխուժութեան եւ եռուզեռի մէջ էր  շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2013-ին: Նոր տարեշրջանի սկիզբն էր: Պատանիներու եւ երիտասարդներու ելեւմուտով վերստին կենդանացած էր կեդրոնը, եւ մշակութային վերամուտի մթնոլորտը տիրական ու խօսուն էր:

«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին աշակերտները արդէն իսկ երաժշտական կեանքին մէջ իրենց առաջին քայլերը կ՛առնէին` իրենց ընտրած գործիքներու անդրանիկ փորձերը կատարելով, իսկ ոչ նորեկները արդէն իսկ ծանօթ էին միջավայրին ու կը ծանօթանային իրենց նոր ծրագիրներուն, «Գայեանէ» պարախումբը սկսած էր իր փորձերուն, փոքրիկ տղաք ու աղջիկներ կը հետեւէին պարուսոյցին անդրանիկ ցուցմունքներուն եւ կ՛ընտելանային ընդհանուր մթնոլորտին, «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտները արդէն կը պատրաստէին իրենց առաջին գործերը, մինչ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներուն համար թատերական կեանքի նոր էջ մը եւս կը բացուէր: Ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յստակ էր բոլորին դէմքերուն վրայ, որովհետեւ ընթացիկ դասերուն կողքին մշակութային ծրագիրներու, դպրոցի հետեւիլը զիրենք աւելի եւս հաղորդակից կը դարձնէր մեր արժէքներուն եւ առիթ կու տար, որ իրենք եւս կարելիութիւն ունենան ապագային նուաճումներ ու յաջողութիւններ արձանագրելու հայ եւ օտար մշակութային ասպարէզներու մէջ:

Տարիներ շարունակ, յատկապէս հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կեանքին մէջ ուրոյն ներդրում ունեցած եւ մշակութային կեանքին մէջ դրոշմ ունենալու առիթ ստեղծած այս դպրոցներուն դռները բաց են արդէն` ընդունելու նոր սերունդի զաւակներ, որպէսզի անոնք եւս, նախորդներուն նման, ապրին հայ մշակոյթով, իւրացնեն զայն, հասակ նետեն հայկական երաժշտութեամբ, պարով եւ երգով, առիթ ունենան իրենց ստեղծագործական տաղանդներն ու ձիրքերը յայտնաբերելու եւ զարգացնելու: Բնականաբար, Համազգայինի դպրոցներուն մէջ իրենց տեղը ունին եւ կ՛ուսուցանուին նաեւ օտար մշակոյթի արժէքները, սակայն հայկականը փոխանցելու առումով կեդրոնը կը շարունակէ մնալ իւրայատուկ եւ յատկանշական:

 

Share this Article
CATEGORIES