Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Ֆութպոլիստները Վարդան Մինասեանէն Խնդրեցին Վերատեսութեան Ենթարկել Իր Տուած Որոշումը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստները նամակով մը դիմած են Վարդան Մինասեանին` անկէ խնդրելով վերատեսութեան ենթարկել իր տուած որոշումը եւ վերադառնալ ու շարունակել ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:

Ֆութպոլիստներուն կողմէ գրուած նամակին մէջ նշուած է. «Մենք բնականաբար, կը յարգենք Վարդան Մինասեանին տուած որոշումը, բայց կ՛ուզենք, որ ան հրաժարի անկէ: Չորս տարիներ մենք դժուար ճամբայ կտրեցինք Մինասեանին հետ, յաջողեցանք ստեղծել համերաշխ խումբ, ըլլալ միասնական եւ պայքարիլ մեր խումբին յաղթանակներուն համար եւ ուրախացնել մեր համակիրները: Մինասեանի գլխաւորութեամբ, մեր խումբին մէջ ստեղծուած է առողջ մթնոլորտ եւ մարդկային լաւ յարաբերութիւններ: Մենք նաեւ արհեստավարժ արդիւնաւէտ ճամբայ անցած ենք անոր հետ, ուստի կ՛ուզենք, մեր աշխատանքը շարունակել Մինասեանի հետ եւ զտումի մրցումներուն լաւ արդիւնք արձանագրելով` անցնիլ աւարտական հանգրուան: Մենք անկէ կը խնդրենք, որ վերատեսութեան ենթարկէ իր տուած այդ որոշումը եւ վերադառնայ իր պաշտօնին: Մենք կը սպասենք անոր տալիք որոշումին»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )