Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Կրտսերներու Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Յորդանան

Իր հրապարակած լուրին մէջ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ երէկ Ամման (Յորդանան) մեկնեցաւ լիբանանեան կրտսերներու աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու 23-25 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ երկսեռ կրտսերներու 2-րդ ախոյեանութեան:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ժան Ղաուի, մարզիչներն են` Էլի Սաատէ եւ Ալիս Քէյրուզ, իսկ մարզիկներն են` Քրիսթոֆ Պուլոս, Ահմետ Շուր, Ալէն Սաատ, Սարա Ճօ Քըրթպաուի, Ժոէլ Ֆըղալի, Սենտի Քարամ եւ Ժոէլ Պու Սըլէյման:

Share this Article
CATEGORIES