ԻՐԱՔԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Երէկ, պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հիւսէյն Սայիտ ներկայացուց իր հրաժարականը:
Բնականաբար, անոր այդ հրաժարականը ընդունուեցաւ երկրի ֆութպոլի պատասխանատուներուն կողմէ: Այժմ տեղի պիտի ունենան ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններ:
Ըստ իրաքեան մամուլին, ան կը հանդիսանայ այդ պաշտօնին գլխաւոր թեկնածուն:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր Սայիտի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումէն ետք ըսած էր, որ Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պէտք է ըլլայ բոլորէն անկախ եւ երկրին քաղաքական գործիչներուն եւ այլ անձնաւորութիւններու ենթակայ չըլլայ:
CATEGORIES Մարզական