ԿԻՒԼԻԹ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԵՑԱՒ ՉԵՉԵՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ռուտ Կիւլիթ (աջին)

Թերեք Կրոզնիի հոլանտացի մարզիչ Ռուտ Կիւլիթ երէկ պաշտօնանկ եղաւ չեչեն առաջնորդ Ռամզան Քատիրովի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ ակումբին նախագահն է:

Նախքան Ամքար Փերմի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը, 48 տարեկան Կիւլիթի թելադրուեցաւ, որ եթէ պարտութիւն մը կրէ, պիտի կորսնցնէ իր պաշտօնը: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ չեչենական խումբը պարտուելէ ետք պաշտօնազրկեց նաեւ իր մարզիչը:

Քատիրով ըսաւ, որ Կիւլիթի ժամանումէն ի վեր խումբը միշտ ձախող արդիւնքներ կ՛արձանագրէ եւ ընդհանրապէս կը գտնուի վարին դիրքերուն վրայ:

Նախորդ տարի անիկա տարեշրջանը աւարտեց 12-րդ դիրքին վրայ, իսկ այս տարեշրջանին կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը` 16 խումբերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES