«Սուրիոյ Բարեկամներ»-ը Համաձայնեցան, Որ Ասատ Ապագայ Սուրիոյ Մէջ Դերակատարութիւն Չունի» Ըսաւ Հէյկ

«Սուրիոյ բարեկամներ»-ը երէկ Լոնտոնի մէջ գումարեցին ժողով մը, որուն աւարտին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ ժողովը համաձայնութիւն գոյացուցած է այն մասին, թէ` «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ ժողովրդավար ու խաղաղասէր պետութեան մէջ դերակատարութիւն չունի, սակայն առանց «Ժընեւ-2»-ի մասնակցութեան նախապայմաններ դնելու»:

Հէյկ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման աջակցութիւնը շարունակելու, որովհետեւ տագնապին ռազմական լուծումը կարելի չէ` աւելցնելով, որ «Ժընեւ-2»-ին մէջ սուրիացի ժողովուրդին ներկայացուցիչը չափաւորական ընդդիմութիւնն է:

Ժողովի գումարումէն ժամեր առաջ Հէյկ նշեց, որ Իրան կրնայ մասնակցիլ «Ժընեւ-2»-ին:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմատ Ժարպա յայտարարեց, որ իրենք «Ժընեւ-2»-ին պիտի չմասնակցին, եթէ անոր նպատակը Ասատի հեռացումը չէ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Մարթին Նիսիրքի յայտարարեց, որ տակաւին «Ժընեւ-2»-ին պաշտօնական թուական չէ ճշդուած, եւ երբ պատրաստ ըլլայ Պան Քի Մուն պիտի յայտարարէ այդ մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )