Ռիատ Պիտի Սահմանափակէ՞ Իր Գործակցութիւնը Ուաշինկթընի Հետ

Սէուտական քաղաքականութեան մօտիկ աղբիւր մը երէկ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարը եւրոպացի դիւանագէտներուն յայտնած է, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու հետ իր գործակցութիւնը պիտի սահմանափակէ` առ ի բողոք Սուրիոյ հարցով Ուաշինկթընի ձեռնածալ մնալուն եւ Իրանի հետ անոր յարաբերութեանց հաւանական բարելաւման:

Պանտար պըն Սուլթան իշխանը պատուիրակներուն յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ եւ պաղեստին-իսրայէլեան տագնապներուն նկատմամբ ազդու քայլերու չէ դիմած, ինչպէս նաեւ Թեհրանի կը մերձենայ եւ չէ զօրակցած Սէուտական Արաբիոյ, երբ վերջինս աջակցած է Պահրէյնին` ճնշելու համար 2011-ին տեղի ունեցած հակակառավարական ըմբոստութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )