Պապ Թըպպանէ-Ժապալ Մըհսեն Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհ Մը Եւ Տասնեակ Վիրաւորներ
Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ զինեալ բախումները երէկ երեկոյեան շարունակուեցան աւելի ծանր թափով:
Զահիրիէի, Պապ Հատիտի, Պըտտաուիի, Ուատի Նահլէի, Ռիվայի, Շարեհ Սուրիոյ, Պաքքարի, Այրունիէ, Մաժտալիա, Ապի Սամրա եւ այլ շրջաններու մէջ զինեալ բախումներն ու նռնականետերու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ արձակազինութիւնը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր` մերթ ուժգին եւ մերթ աւելի մեղմ թափով:
Լիբանանեան բանակը հակադարձեց այն շրջաններուն, ուրկէ փամփուշտներ եւ ռումբեր կ՛արձակուէին:
Զինեալ բախումներուն պատճառով Ժապալ Մըհսենի մէջ զոհուեցաւ 13 տարեկան պատանի մը, ինչպէս նաեւ երկու շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան տասնեակ վիրաւորներ:
CATEGORIES Լիբանանեան