Էլիաս Մըր` Ինթըրփոլի Նախագահ
Նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր նշանակուեցաւ Ինթըրփոլի նախագահ, յաջորդ եօթը տարիներուն համար:
Մըր պիտի աշխատի Ինթըրփոլի առաջնահերթութիւնները ամրապնդել` բարելաւելով կազմակերպուած ոճիրներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջոցները, ինչպէս նաեւ զօրակցելով աշխարհը աւելի ապահով վայր մը դարձնելու առումով Ինթըրփոլին ի գործ դրած ջանքերուն:
Ինթըրփոլ միջազգային կազմակերպութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Էլիաս Մըրի` Ինթըրփոլի աշխատանքներուն նկատմամբ անոր յանձնառութեան համար:
Իր կարգին, Էլիաս Մըր շնորհակալութիւն յայտնեց Ինթըրփոլին` իրեն ընծայուած վստահութեան եւ տրուած պատասխանատուութեան համար:
«Պիտի ջանամ տարբեր երկիրներուն եւ պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել` կարենալ հաւաքաբար պայքարելու ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած ոճիրին դէմ` աշխարհին մէջ անվտանգութիւնն ու արդարութիւնը պարտադրելու համար», ըսաւ Մըր:
Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն նկատմամբ եւս յանձնառու պիտի մնայ:

