Պշարրէի Մէջ Բախումներ` Ապահովութեան Ուժերուն Եւ Քաղաքացիներուն Միջեւ

Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թոքի պատկանող հողէ կառոյց մը, որ կը գտնուի Պշարրէի Մայրիներու արգելանոցին կից, երէկ պատճառ դարձաւ շրջանին բնակչութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բանավէճի մը, որ անմիջապէս վերածուեցաւ բախումներու:

Շրջանի բնակիչները փակեցին Պշարրէի ճամբան` արգիլելու համար ներքին ապահովութեան ուժերը` հողէ այդ կառոյցը քանդելէ: Այդ կառոյցի քանդումին արգելք հանդիսացող քաղաքացիները հաստատեցին, որ այդ կառոյցը պատրաստուած է հետագային անոր վրայ ծառեր տնկելու միտումով:

Ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք շեշտեցին, որ այդ կառոյցը ապօրինի շինութիւն կը նկատուի եւ պէտք է վերացնել զայն, հակադրուեցան Ժըպրան Թոքի եւ անոր համակիրներուն հետ, որոնք հաստատեցին, որ այդ կառոյցը ապօրինի չէ:

Ժըպրան Թոք հաստատեց, որ այդ պահանջը ներկայացուած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ` իր եւ իր ընտանիքին դէմ, քաղաքական հաշիւներու նպատակով:

«Մենք պիտի չարտօնենք հողէ կառոյցը վերացնել, որովհետեւ անիկա անձնական հողաշերտ է, եւ կենսոլորտի նախարարութիւնը արտօնագիր տուած է այդ հողին վրայ օրինական կերպով բարձրացնելու տուեալ կառոյցը», ըսաւ Թոք:

Ան հաստատեց, որ Պշարրէի երեսփոխաններն են, որոնք հրահրած են այդ կառոյցը քանդելուն դէմ:

Թոք կոչ ուղղեց Պշարրէի բնակիչներուն` բանալու ճամբան եւ օրինական կերպով լուծելու այդ հարցը:

«Նախքան հողէ կառոյցին վերացումը անհրաժեշտ կը նկատենք Պշարրէի բոլոր ապօրինի շինութիւններուն վերացումը:

Մենք բոլորս օրէնքին ենթակայ ենք եւ բնակիչներուն ու ապահովութեան ուժերուն միջեւ հարցեր չենք ուզեր», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պշարրէի երեսփոխաններ Էլի Քէյրուզ եւ Սթրիտա Ժահժահ շեշտեցին, որ իրենք յանձնառու են Մայրիներու արգելանոցին միջազգային աւանդին` աւելցնելով, որ իրենք ոչ ոք թիրախ կ՛ուզեն դարձնել ապօրինի շինութիւնները վերացնելու աշխատանքին առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )