Մուսթաքպալ Պլոքը Խստիւ Դատապարտեց Լիբանանեան Ներքին Հարցերուն Ասատի Միջամտութիւնը
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սուրիական վարչակարգը կը մնայ նոյնը, իսկ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը կը մնայ անբաղձալի անձնաւորութիւն մը:
Մուսթաքպալի պլոքը կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակիչներուն` պահելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ Սուրիոյ վարչակարգին նիւթած սադրանքներէն հեռու մնալ:
Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Ժապալ Մըհսենը սուրիական շրջան է:
«Նման յայտարարութիւն մը լիբանանեան ներքին հարցերուն սուրիական միջամտութեան գագաթնակէտն է, իսկ Ժապալ Մըհսենը մաս կը կազմէ Թրիփոլիի, ու անոր ապահովութիւնը կ՛իյնայ Թրիփոլիի ապահովութեան շրջագիծին մէջ», նշեց Մուսթաքպալ պլոքը:
Պլոքը հանրապետութեան նախագահէն եւ վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջեց կազմել նոր կառավարութիւն մը:

