Խորհրդարանը Վերընտրեց Իր Դիւանը, Յանձնախումբերն Ու Զեկուցաբերները

Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան գումարեց իր լիագումար նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Խորհրդարանը վերընտրեց իր դիւանը, մնայուն յանձնախումբերն ու զեկուցաբերները:

Փոփոխութիւններ արձանագրուեցան միայն երկրագործութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբերուն պարագային:

Նիստին ընթացքին Պըրրի դրուատեց նիստեր գումարող խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն աշխատանքները, յատկապէս վարչական եւ արդարութեան հարցերու յանձնախումբը, անկէ պահանջելով մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որովհետեւ կարելի չէ այս ձեւով շարունակել:

Նիստէն ետք Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, ներկայութեամբ Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ հանդիպումին մթնոլորտը դրական եղած է, սակայն այսօրուան օրէնսդրական նիստին իմաստով իրենք տակաւին կը մնան իրենց կեցուածքին վրայ, այսինքն` իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին վրայ:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին հրաւէրը ի զօրու է, իսկ նիստին հակասահմանադրական ըլլալուն մասին յայտարարութիւնները անհիմն են:

Խալիլ շեշտեց, որ օրէնսդրական նիստին օրակարգը կը մնայ անփոփոխ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )