Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Ուղղեց` Վերջ Տալու Պետական Հաստատութիւններուն Գործունէութիւնը Խոչընդոտող Քայլերուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը իր գումարած ընթացիկ նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումին երեսփոխանները երէկ հանդիպում մը ունեցած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ հաստատած, որ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը պէտք չէ խոչընդոտել:

Քանաան յայտնեց, որ իրենք ունեցած են որոշ վերապահութիւններ, որոնք քննարկուած են Պըրրիի հետ եւ անկէ իմացած անոնց յարմար որոշ լուծումներու մասին:

«Մենք Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք մինչեւ որ կարելի ըլլայ հասնիլ խորհրդարանի եւ օրէնսդրական նիստերուն վերսկսումին», ըսաւ Քանաան` շեշտելով, որ օրէնսդրական կարեւոր աշխատանք կայ տարուելիք:

Քանաան աւելցուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի դէմ վտանգաւոր արշաւի մը ձեռնարկուած է, հակառակ անոր որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն առումով ապահովական կառոյցները նախարարութենէն իրենց պահանջած տեղեկութիւնները կը ստանան:

Քանաան շնորհաւորեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը` նկատել տալով, որ այդ ուրախութիւնը կ՛ամբողջանայ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն տունդարձով:

Քանաան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է նիստ մը գումարէ` նկատի ունենալով, թէ քարիւղի թղթածրարը առաջնահերթութիւն է:

Քանաան նշեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Ֆատի Պարաքաթի թեկնածութիւնը առաջարկած է իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահի ընտրութեան համար` աւելցնելով, որ համախմբումին անդամները զօրակցութիւն յայտնեցին Պարաքաթի թեկնածութեան:

Share this Article
CATEGORIES