«Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Քննադատելու Լիբանանի Որդեգրած Չէզոք Կեցուածքը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բացումը կատարեց բեռնարկղերու ընդարձակուած կեդրոնին:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը հպարտութեան առիթ մըն է եւ անիկա որոշուած է լիբանանցիներուն կողմէ: «Հետեւաբար, ոչ ոք իրաւունք ունի քննադատելու Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց` յարգելու սահմանադրական ժամկէտները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առումով:
Ան անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանին կեանքի աշխուժացումը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց ուրիշը ընդունելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին որդեգրուած որոշումներուն գործադրութիւնը, յատկապէս երբ անոնք կը նպաստեն երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան, ինչպէս` Պաապտայի յայտարարութիւնը: