ԵԱՀԿ «Եռեակ»-ն Ու Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
ԵԱՀԿ-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող ղեկավարութիւնը հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարայի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լիքիավիչուսի նախագահութեամբ:
Կողմերը քննարկած են ԵԱՀԿ-ի տարածքին անվտանգութեան հարցերը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով շրջանային խնդիրներուն:
Հանդիպումին մասնակիցները աջակցութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան դիւանագիտական լուծման ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան նպատակով գործադրուող ջանքերուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Քիեւի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի նախապատրաստման հարցը:
CATEGORIES Հայկական

