Ազրպէյճանական Զինուժը Կրակ Բացած Է Քաղաքացիական Եւ Զինուորական Ինքնաշարժներուն Վրայ

Երէկ` 22 հոկտեմբերին, Հայաստանի Տաւուշի մարզին Բերդ-Իջեւան ճամբուն Պառավաքարի հատուածին մէջ, հակառակորդը կրակ բացած է ճամբայէն անցնող ինքնաշարժներուն վրայ: Կրակոցէն տուժած են քաղաքացիական, ինչպէս նաեւ զինուորական ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող անձեր:

Զինուորներուն մարտական հերթապահութիւն կատարողները տեղափոխող զինուորական ինքնաշարժներու ջոկատներուն վրայ բացուած կրակին իբրեւ հետեւանք` զոհուած է ժամկէտային զինուոր, շարքային Գարիկ Արտակ Պօղոսեան (ծնեալ 1994-ին): Հրազէնային տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած են ժամկէտային զինուորներ Արթուր Սերոբ Անդրանիկեան (ծնեալ 1994-ին), Արայիկ Նորիկ Ժամհարեան (ծնեալ 1994-ին) եւ Մարտին Վահրամ Պետրոսեան (ծնեալ 1994-ին):

Դէպքին մասին իրազեկ դարձած է ԵԱՀԿ յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի գրասենեակը:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդին գործած այս յանցանքը անպատասխան պիտի չմնայ, եւ անգամ մը եւս այս սադրանքի պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ յարձակման դիմողը: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ զինուորին ծանր կորստեան վիշտը եւ  ցաւակցութիւն կը յայտնէ շարքային Գարիկ Արտակ Պօղոսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )