ՀՅԴ-ի Երթ` Դէպի Նախագահական Պալատ
Հոկտեմբեր 29-ին` ժամը 16:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Հրաչ Մուրադեան արդարութեան պահանջ» շարժումը եւ Դաշնակցութիւնը Արամ Խաչատրեանի արձանի մօտէն երթ պիտի կատարեն դէպի նախագահական նստավայր` Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով:
Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` կոչ ուղղելով բոլոր անոնց, որոնց համար յարգի է սպաննուած գիւղապետը, միանալու երթին:
CATEGORIES Հայկական