500 Հայեր Կը Բողոքեն. Պապաճան Կը Ստէ Համաշխարհային Հարցերու Խորհուրդի Ամպիոնէն

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 21-ի երեկոյեան, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան ելոյթ  ունեցաւ Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպած հաւաքին ընթացքին` կրկնելով Թուրքիոյ պետական սուտերը ու փորձելով Թուրքիոյ մասին դրական պատկերացում մը ստեղծել աւելի քան 150 ներկաներուն մօտ:

Ձեռնարկին ընթացքին մօտաւորապէս 500 հայ ցուցարարներ բողոքեցին Պապաճանի ու անոր բեմ տրամադրելու Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի որոշումին դէմ:

Պատասխանելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանի մէկ հարցումին` Պապաճան բացայայտեց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով սկսած գործընթացը առաջին օրէն իսկ եռակողմանի գործընթաց մըն էր` Հայաստան-Թուրքիա եւ Ազրպէյճան-Թուրքիա ճիւղաւորումներով, ու միշտ կապուած եղած է Արցախի հարցին, հակառակ այն իրողութեան, որ ստորագրուած արձանագրութեանց մէջ ոչ մէկ նախապայմանի մասին կը խօսուէր:

«Ասպարէզ» օրաթերթը այս մասին բացատրութիւն խնդրեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ, իր կարգին, բաւարարուեցաւ յղում մը կատարելով 2010-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»-ի մէջ գրուած յօդուածին, ուր նախարարը կը յայտնէ, թէ Թուրքիա ո՛չ միայն չէ յարգած համաձայնութեան պայմանները ու չէ վաւերացուցած արձանագրութիւնները, այլեւ նախապայմաններ աւելցուցած է` նախքան գործընթացին սկսիլն իսկ:

Միւս կողմէ, Պապաճան բացատրեց, թէ 2007-ին, Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ սկսած այդ գործընթացին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր նաեւ «1915-ի իրադարձութիւնները վերաքննելու» կապակցութեամբ յանձնաժողով մը կազմելու, իսկ գործընթացի ձախողութիւնը վերագրեց Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնութիւն մը գոյացնելու ջանքերու ձախողութեան: Ան ըսաւ, որ ողբերգական դէպքեր տեղի ունեցած են 1915-ին, սակայն Թուրքիոյ պետութիւնը բաւարար փաստեր չունի զանոնք «ցեղասպանութիւն» կոչելու համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )