Վրացահայութիւնը Որոշ Յոյս Ունի Վրաստանի Ընտրութիւններէն
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան հարցերու կեդրոնի պատասխանատու Հայկազուն Ալվրցեան երէկ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ Վրաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններով կը սկսի նոր հանգրուան, որ ըստ էութեան առաջինէն չի տարբերիր, սակայն լարուածութիւնը կը մեղմացնէ: Ըստ անոր, հեռացող Սահակաշվիլին կը վարէր արեւմտեան ընդգծուած քաղաքականութիւն, որ պատճառ կը դառնայ Ռուսիոյ հետ տագնապի, որ իր հերթին կ՛ազդէ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն վրայ:
Ան աւելցուց, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի` Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները պահպանելով, կը փորձէ մեղմել Ռուսիոյ հետ լարուածութիւնը: Ալվրցեան շեշտեց, որ նոր նախագահի ընտրութեամբ կը սպասուի վիրահայութեան եւ ջաւախահայութեան նկատմամբ նորովի ընկալում: Ան աւելցուց, որ թէեւ յոյսերը մեծ չեն, բայց կան եւ կարեւորագոյնը այն է, որ Սահակաշվիլիի հեռանալով վերջ կը դրուի անոր վարած քաղաքականութեան միակողմանիութեան:
Ալվրցեան ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք կը սպասուի նաեւ շրջանի քաղաքականութեան վերանայում` որոշ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան հարցերու առումներով: Ըստ անոր, արդէն շատ կը խօսուի Հայաստանի հետ ազատ առեւտուրի եւ տնտեսական համագործակցութեան մասին: «Վերատեսութեան պիտի ենթարկուի Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիս երկաթագիծի վերաբերեալ մօտեցումը եւ փորձ կը կատարուի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները այնպէս դասաւորել, որ կովկասեան երկաթուղին եւս բացուի, ինչ որ դժուար խնդիր մըն է, որովհետեւ աբխազական կողմը պայման ունի: Այսինքն` խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է կնքուի», նշեց Ալվրցեան:
Ան աւելցուց, որ հետաքրքրականը այն է, որ Իվանիշվիլի յայտարարած է, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք մինչեւ նոր տարի պիտի հեռանայ վարչապետի պաշտօնէն: Բանախօսը ընդգծեց, որ ձեւաւորուած է իշխանութեան հետաքրքրական ձեւ մը` իշխանութենէն հեռանալով Իվանիշվիլի պիտի փորձէ այս իշխանութիւնները կառավարել այլ համակարգերէ` հասարակական կազմակերպութիւններ ստեղծելով: Ալվրցեան հետաքրքրական կը համարէ այն փաստը, որ վարչապետը պիտի դառնայ ո՛չ միայն իր ստեղծած կառավարութեան ուղղորդողը, այլեւ քննադատողը:
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան հարցերու կեդրոնի պատասխանատուն յայտարարեց, որ Վրաստանի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ Վրաստանի հայութիւնը ընդունելի թեկնածու չունի: Ըստ անոր, որոշ տարբերութիւններ կան Ջաւախքի մէջ, որովհետեւ Ջաւախքը եւ Վրաստանի միւս տարածքները տարբեր հարցեր ունին:
Բանախօսը ընդգծեց, որ եթէ Վրաստանի համար բացարձակ միեւնոյնն է, թէ նախագահը ինչ քաղաքականութիւն կը վարէ ազգային հարցերուն գծով` կրթութեան, դպրոցներու, ապա ջաւախահայերուն համար ատիկա միեւնոյնը չէ: Ան աւելցուց, որ Ջաւախքի մէջ այսօր վիճակագրական տուեալներով առաջին դիրքերուն վրայ կը գտնուի Սահակաշվիլիի առաջադրած թեկնածուն` Դաւիթ Պաքրաձէն: