ՊՈԱԹԵՆԿ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽԻ
Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող գերմանացի միջազգային յետսապահ Ժըրոմ Պոաթենկ երէկ համաձայն գտնուեցաւ միանալու Պայէրն Միւնիխի, չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու նպատակով: Սակայն անգլիական ակումբը, ցարդ համամիտ չէ, որ այդ համաձայնագիրը կնքուի:
Պոաթենկ, որ նախորդ տարի Համպուրկէն միացաւ անգլիական կազմին, մինչեւ 2015 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Մանչեսթըր քաղաքի խումբին հետ:
24 տարեկան Պոաթենկ ըսաւ, որ իր փափաքն է, որ Մանչեսթըր Սիթի հարցերը չդժուարացնէ եւ դիւրացնէ Պայէրն Միւնիխ իր փոխանցումը:
CATEGORIES Մարզական