ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԻՉ ԿԱՐՊԻՍ ՊՈՅԱՃԵԱՆ` ՄԱՀԱՑԱԾ
Նախկին լիբանանահայ, Լիբանանի պետական երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, դասական օփերայի երգերու մեկնաբան Կարպիս Պոյաճեան մահացած է Իտալիոյ Ֆերարա քաղաքին մէջ, ուր կատարուած է թաղման կարգը 10 յունիսին` Սանթա Աննա տաճարին մէջ: Ներկայ եղած են հազարէ աւելի յուղարկաւորներ, Մխիթարեան Միաբանութեան հայրեր:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին նուագախումբը կատարած է երգիչին սիրած երգերէն, հայկական երաժշտութիւն, կոմիտասեան եղանակներ:
Կարպիս Պոյաճեան պարիթոն ձայնի օժտուած երգիչ էր: 1970-ական թուականներուն, աւարտելէ ետք Լիբանանի պետական երաժշտանոցը, յատուկ կրթաթոշակով ուղարկուեցաւ Իտալիա, ուր հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման: Ան օփերաներու մէջ դերեր ստանձնած է, կը սիրէր մեկնաբանել Վերտիի «Ռիկոլեթթօ» օփերայի դերերգը:
Կարպիս Պոյաճեան ամուսնացած է իտալուհիի մը հետ, որմէ ունեցած է զաւակ մը` Արամ Տոմենիքօ Պոյաճեան, որ ներկայիս նուագախումբի ղեկավար է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Կարպիս Պոյաճեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Քալիֆորնիա: Իր փափաքով ուզած է թաղուիլ իր մօրը գերեզմանին մէջ:
Վերջին տարիներուն Կարպիս Պոյաճեան ձգած էր բեմը, բայց կը դասաւանդէր իբրեւ երաժշտանոցի դասախօս, ունէր երգարուեստի նուիրուած աշակերտներ:
Յարգանք իր յիշատակին: