ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԵՈՒՐԱ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՔՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի կազմը` Քրասնոտար, արձանագրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Վոլկա Նիժնի Վոլկորոտը:
Մովսիսեան, որ նախքան այս մրցումը տեղի ունենալը նշանակած էր երկու կոլ, բացաւ մրցումին հաշիւը 3-րդ վայրկեանին իսկ, երբ խաղի բերելով երկու յետսապահներ, պարտութեան մատնեց նաեւ մրցակիցին բերդապահը` սքանչելի կոլով մը:
Ան 43-րդ վայրկեանին իր խմբակիցին` Ալեքսանտր Քուլչիին կատարեց երկրորդ կոլին փոխանցումը, երբ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ:
Մովսիսեան, որ 54-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ, 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Քրասնոտար այժմ 17 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը` ութ կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մոսկուայի Բանակայիններէն: 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ (23 կէտ):
14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթ օր, Քրասնոտար հիւրը պիտի ըլլայ Քուպան Քրասնոտարի:


