ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ. ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱԿԻՑԸ` ԹԱՏԱՄՈՆ ՊԷՅՐՈՒԹ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, շաբաթասկիզբին գումարեց իր հերթական ժողովը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան: Նիստէն կը բացակայէր միայն Ահմետ Ամարէտտին` ճամբորդութեան պատճառով:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի ախոյեան եւ բաժակակիր Ահտ, ինչպէս նաեւ փոխախոյեան Սաֆա իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի ախոյեանութեան, իսկ Նըժմէ (3-րդ)` Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի ակումբներու ախոյեանութեան` 2011-2012 տարեշրջանին:
Իր ժողովին ընթացքին ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքը պիտի սկսի շաբաթ, 10 սեպտեմբերին, Ահտ – Ռասինկ բացման մրցումով: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 24 սեպտեմբերին:
Իսկ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը` Ահտի եւ Սաֆայի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 30 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Մարզական աւանին մէջ:
Ֆետերասիոնը յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը պիտի սկսի շաբաթ, 15 հոկտեմբերին, Անսար – Թատամոն Սուր բացման մրցումով:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին, անիկա պիտի սկսի ուրբաթ, 11 նոյեմբերին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ (վերոնշեալ թուականին) Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Թատամոն Պէյրութը (յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին):
Իսկ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 15 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Այդ 14 խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Իժթիմահի Թրիփոլի, Շապապ Թրիփոլի, Սալամ Զղարթա, Մաուատտէ Թրիփոլի, Հարաքեթ Շապապ, Նահտա Պար Էլիաս եւ Սաժես Պէյրութ:
Բ. ԽՄԲԱԿ
Շապապ Ղազիէ, Իսլահ Պըրժ Շիմալի, Ֆաժըր Արապսալիմ, Ահլի Նապաթիէ, Խըյուլ, Իրշատ եւ ՀՄՄ:
Ստորեւ կու տանք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ, 15 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անսար – Թատամոն Սուր 4:00 Պէյրութ
ԿԻՐԱԿԻ, 16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ռասինկ – Թրիփոլի 3:30 Ժունիէ
Մապարրա – Նըժմէ 3:30 Սայտա
Սալամ Սուր – Շապապ Սահել 3:30 Սուր
Ախա Ալէյ – Ահլի Սայտա 3:30 Պհամտուն
Սաֆա – Ահտ 4:00 Մարզական Աւան