ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԱՐԳԱՐՈՎ` ՄԻՔԱՅԻ ՆՈՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Միքա երէկ ունեցաւ իր նոր մարզիչը, երբ ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ Էդուարդ Մարգարով նշանակուած է գլխաւոր մարզիչ:
68 տարեկան Մարգարով մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի մնայ Հայաստանի բաժակակիրին հետ:
Սակայն, Միքայի գլխաւոր մարզիչը պաշտօնապէս պիտի ըլլայ Մամիկոն Ղարիպճանեան` նկատի ունենալով, որ Մարգարով մարզիչի համապատասխան արտօնագիր չունի: Մարգարովին պիտի օգնեն Յակոբ Մկրեան եւ Տիգրան Ասլանեան:
Մարգարով իբրեւ ֆութպոլիստ 1973-ին Արարատ Երեւանի հետ հանդիսացած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան, իսկ 1973-ին եւ 1975-ին` բաժակակիր:
Անոր մարզիչի ասպարէզը սկսած է Արարատ Երեւանի հետ` 1976-1977 տարեշրջանին:
Ան եղած է նաեւ այլ ակումբներու, որոնց կարգին` Մալաթիայի, Էրեբունիի, Միքայի եւ Կիլիկիոյ ակումբներու, ինչպէս նաեւ ՀՄՄ-ի (Լիբանան) մարզիչ: Վերջապէս, ան 1992-1994 տարեշրջանին եղած է Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ: