Վերամուտ` Ազգային Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան Վարժարանի

 

 

 

 

 

 

 

 

24 սեպտեմբեր 2013-ին, Ազգային Ռուբինեան-Ս. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները` ժամանեցին դպրոց իրենց ծնողաց ընկերակցութեամբ:

Վարժարանի շրջաբակը զարդարուած էր վերամուտը խորհրդանշող գեղեցիկ պատկերներով:

Վարժարանի աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մէջ, գեղեցիկ հայկական երգերէ եւ պարեղանակներէ խանդավառուելով իրենց դաստիարակներու հետ շուրջպարերով իրենց մասնակցութիւնը բերին տօնական մթնոլորտին: Հնչեց «Միասնութեան շուրջպարը», որմէ ետք աշակերտները հաւաքուեցան եւ շրջանակ կազմեցին` վերամուտի տօնակատարութեան համար:

Վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Ազնիւ Ալթունեան բարի գալուստ մաղթեց այս առիթին մասնակից հիւրերուն, տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն: Ան իր սրտի խօսքի ընդմէջէն աշակերտներուն դիտել տուաւ, թէ վերանորոգուած շրջաբակին մէջ պէտք է ըլլալ` բծախնդիր: Այդ բոլորը իրագործուած էր որպէսզի վարժարանի փոքրիկներն ու պատանիները ըլլան աւելի գոհ եւ ուրախ:

Վերամուտի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանայ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, որ աղօթքով սկսաւ իր խօսքը եւ պատգամեց աշակերտներուն. «Դո՛ւք կը ստանաք հայեցի դաստիարակութիւն յաճախելով Ազգային վարժարան, ուրեմն լաւ սորվեցէք ձեր դասերը, որպէսզի ձեր սիրելի վարժարանի անունը բարձր պահէք»:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան, որ աշակերտներուն ըսաւ, թէ պէտք է ուրախ ըլլան, որ կը յաճախեն հայ վարժարան, «ուր ամէնուրեք կը հանդիպինք Մեսրոպաշունչ տառերուն եւ կը սնուինք անոնց լուսաշող կայծերէն»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատու մարմիններուն` իրենց ներկայութեան եւ զօրակցութեան համար, եւ ինքնավստահ կամքով խոստացաւ շարունակել ազգային, կրթական ու հայրենասիրական ոգիի տարածումը` հայ աշակերտին վաղուան իտէալներու իրագործման եւ յաջողութեան ի խնդիր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն` իրենց զաւակները հայկական վարժարանին վստահելնուն համար:

Աւարտին շարունակուեցաւ տօնական խանդավառ մթնոլորտ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )