Մեսրոպեանականները Ուխտեցին Տէր Կանգնիլ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Այբուբենին
14 ապրիլ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու` ուսուցիչներու եւ Մեսրոպեան վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 8-րդ դասարանի աշակերտուհի Էւա Ղազարեանը, որ նշեց, թէ Թարգմանչաց տօնը լաւագոյն առիթն է շնորհակալական եւ երախտագիտական մեր զգացումները փոխանցելու հայ գիրերը ստեղծող, հայ գրչութեան եւ հայ դպրոցի հիմնադիր, հայոց լեզուի անդրանիկ ուսուցիչ, լուսաւորիչ ու քարոզիչ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին: Ղազարեան ըսաւ, որ Ս. Մեսրոպին անունը կրող Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները պէտք է հաստատ քայլերով հետեւին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ հայոց լեզուի պահապաններու ուղիին:
Գեղարուեստական յայտագիրի Ա. բաժինով 3-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Սիլվա Կապուտիկեանի «Հայ լեզու»-ն, ապա հերթաբար 8-րդ դասարանէն Պեթի Սուլեան երգեց «Հայոց աշխարհ»-ը, իսկ 6-րդ դասարանէն Լեթիսիա Հեքիմեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» ստեղծագործութիւնը:
4-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտին մասին կոկիկ ու գեղեցիկ թատերական պատկեր մը, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, որ ներկայացուց հայ գիրերուն կարեւորութիւնն ու ազգային եւ հոգեւոր արժէքը: Անդրադառնալով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տիպարին, հայր Զահթերեան շեշտեց, որ հոգեւորականը ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ ունեցաւ իր ուրոյն դերակատարութիւնը, երբ հայ ժողովուրդին նուիրեց հայոց այբուբենը: Մաշտոց վրդ. Զահթերեան նշեց, որ հայ աշակերտները պէտք է հետեւին Ս. Մեսրոպի ուղիին` պահպանելով հայոց լեզուն ու արժէքները:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ 2-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներու կողմէ` Խաչիկ Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին» բանաստեղծութեան ներկայացումով, Ա. դասարանի աշակերտներուն կողմէ «Այբուբեն» երգի կատարումով, 5-րդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» ստեղծագործութեան ասմունքով եւ 7-րդ դասարանէն Կասիա Ժինեանի կողմէ «Մեր այբուբենը» ասմունքով: Վերջին կատարումին զուգահեռ ցուցադրուեցաւ այբուբենը խորհրդանշող տեսերիզ մը:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ հայութիւնը այն սակաւաթիւ ժողովուրդներէն է, որ ունի իր սեփական ու հարազատ այբուբենը, որ հպարտանքի ու պարծանքի առիթ է: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ հայոց այբուբենը գեղեցիկ է, եւ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ պէտք է հաւատարիմ մնայ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կտակին:
Նոյն օրը վարժարանի մէջ գտնուող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին շուրջ մանկապարտէզի ծաղիկ դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով տօնեցին Թարգմանչացը:Այբուբենի երգեցողութեան յաջորդեց հայոց լեզուի տառերով կազմուած եռագոյն փուչիկներու արձակման տպաւորիչ արարողութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ



