ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Տարեմուտ Եւ Թարգմանչաց Խորհուրդ

 

 

 

 

 

 

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ խանդավառութեամբ սկսաւ վերամուտը` նոր նուաճումներու յոյսերով լի:

Հոկտեմբերին դպրոցին ապակեպատ ցուցափեղկերուն բարի տարեմուտի նկարներն ու գրութիւնները յանկարծ անհետացան եւ փոխարէնը տեղ գրաւեց վառ ու կենդանի գոյներով թռչնագիր այբուբենը…

Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեայ…
Բ – Բղխումն ի հօրէ,
Բղխեայ ի հոգւոյս,
Բան քեզ ի հաճոյս…

Հասաւ Սրբոց Թարգմանչաց օրուան նախատօնակը… Հոկտեմբեր տասի դպրոցական վերջին դասապահը նուիրուած էր հայ գիրերու գիւտին, Թարգմանչաց շարժումին եւ մեր մշակոյթի նշանաւոր գործիչներուն:

Աշակերտները լեցուցին սրահն ու բեմը եւ յուզումով արտասանեցին Վարուժան, Թէքէեան, Դաշտենց ու Սահեան… Առաջին դասարանցիները հայկական ուրախ պարով հանդէս եկան, իսկ օրուան պատգամը ներկաներուն փոխանցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը:

Հինգերորդ դարուն, շնորհիւ  պետական ու հոգեւոր այրերու իմաստուն ու հեռահար քաղաքականութեան, շնորհիւ լուսաւոր ու հանճարեղ այրին` Մեսրոպ Մաշտոցին, հայը ունեցաւ սեփական գիր ու գրականութիւն, հայը ունեցաւ թագմանչաց հզօր շարժում:

Թարգմանուեցաւ ոչ միայն Աստուածաշունչը, այլեւ` Արիստոտելի, Պորփիւրոսի, Պղատոնի եւ այլոց գործերը:

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:

Այո, շնորհիւ մեր թարգմանիչ այրերուն, շնորհիւ դպրոցաշինութեան ու գիտութեան ծարաւին եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ու գիտութեան մեր նուիրեալ  գործիչներուն, հայը վստահօրէն կը շարունակէ իր դարաւոր երթը` յենած իր արմատներուն, իր քանքարաւոր այրերու արարչագործ աւանդին ու ազգային այն ծինին, որ  չի կրնար չշարունակուիլ, եթէ մենք գիտակցինք եւ ըստ արժանւոյն գնահատենք մեր սեփական անսպառ հարստութիւնը` մեր ինքնութեան պահպանման միակ ու մեծագոյն գրաւականը` ՄՇԱԿՈՅԹԸ:

Թարգմանչաց տօնը նշելով` մենք նոր ու վերանորոգ ուխտով կը հաստատենք մեր արժանապատիւ երթը այս աշխարհի մեծ ու փոքր, հին ու նոր ազգերուն կողքին:

ՀԲԸՄ Կարմիրեան վարժարանի ընտանիքը այս մեկնակէտով կը շարունակէ իր ճամբան` գիտութեան լոյսի կողքին միշտ վառ պահելով ազգային ոգին եւ այն պատգամները, որ մեզի աւանդած են Մեծն Մաշտոցն ու Ս. թարգմանիչները:

ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES