Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Վերամուտ
Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, երբ շուրջ 260 աշակերտներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանը ` վերամուտը խորհրդանշող եռագոյն նշանակները կուրծքերնին իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Սուրբ Պօղոս եկեղեցի` ստանալու քրիստոնէական օրհնութիւն, վերանորոգուելու սուրբ հաղորդութեամբ եւ սկսելու աշխատանքի բարեբեր եւ խաղաղ տարեշրջան մը:
Նախակրթարանի եւ քոլեճի աշակերտները եկեղեցական արարողութենէն ետք հաւաքուեցան «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ` ըմբոշխնելու վերամուտի առիթով պատրաստուած տօնախմբութիւնը, իսկ մանկապարտէզի աշակերտները աւանդական տհոլ-զուռնայի խանդավառ մթնոլորտով ուղղուեցան մանկապարտէզ այնտեղ խաղերու եւ պարերու զուարճութեամբ շարունակելու այս տօնական ուրախութիւնը:
10-րդ դասարանի աշակերտուհի Արաքս Խօշեան կատարելով բացման խօսքը` երախտագիտութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն կատարած անխոնջ ջանքերուն, որոնք արդիւնաւորուեցան պետական քննութիւններու պատուաբեր արդիւնքներու ապահովումով:
Ապա բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին հրաւիրեց երկրորդ դասարանի աշակերտուհիներէն Կալի Գալուստեանը, որպէսզի իր գեղեցիկ ձայնով ներկայացնէ «Կռունկ» երգը:
Օրուան հանդիսավարներ` Գառնի Քենտիրճեան եւ Վարանդ Հաճեան քաջալերական խօսքերով բեմ հրաւիրեցին Ա. դասարանի աշակերտները եւ անոնց խորհրդանշական նուէրներ յանձնելով` զանոնք առաջնորդեցին մաս կազմելու «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան»-ի մեծ ընտանիքին:
Ապա տեղի ունեցաւ վարժարանիս առօրեայէն փրցուած հետաքրքրական պահեր ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութիւն:
Րաֆֆի Գէորգեան բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը, օրուան պատգամախօս Սարգիս Փանոսեանը, Վիքթոր Հերկելեանը եւ Վերգինէ Այնթապլեանը`որպէսզի գնահատագիրներ փոխանցեն 2012-2013 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն պատուաբեր արդիւնքներ ապահոված 9-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն:
Ապա վարժարանին հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ 44 տարի ուսուցչական առաքելութեան նուիրուած` օրուան պատգամախօս Սարգիս Փանոսեան, որ ժամանած էր Միացեալ Նահանգներէն, խոր զգացումներով ներկայացուց իր հիացմունքը` ի տես ներկայ սերունդին ազգային ու հայկական աւանդութիւնները պահպանելու գիտակցութեան երեւոյթին: Ան ըսաւ, որ ամէն վերամուտի կը յիշէ Մ. Իշխանի գրած «Մենք մանուկներ հայոց ազգի….» երգին հետեւեալ տողերը.
«Մեր սակառն է թէեւ աղքատ ….»
«Այո»,- ըսաւ պրն. Սարգիսը,- «աղքատ էին մեր սակառները եւ առատ չէր մեր գիրքերու գանձը, սակայն կը հաւատայինք, որ մեր փոքր գիտելիքներով կրնանք նուաճել յաղթանակներ ու իրականացնել ապագայի փայլուն երազներ»:
Սարգիս Փանոսեան թարմացնելով իր յիշատակները` աշակերտներուն փոխանցեց, թէ նախապէս ինչպէս էին վարժարանին կառոյցն ու դասաւանդութեան միջոցները: Տուեալ երեւոյթը համեմատելով ներկայի տիրող արդիականացած ու բարգաւաճ իրականութեան` ան գնահատեց տնօրէնութեան աջալուրջ մօտեցումն ու հետեւողականութիւնը` զուգահեռ կրթութիւններ ջամբելու նորահաս սերունդին, ազգային դիմագիծի պահպանման եւ պետական քննութիւններու պատուաբեր արդիւնքներ ապահովելու իմաստով :
Ան ըսաւ. «Հակառակ անոր որ ես ֆիզիքապէս մղոններ հեռու կը գտնուիմ այս վայրէն, սակայն ամէն առաւօտ հոգեպէս ձեզի հետ կ՛ըլլամ` մտածելով, որ դուք «Առաւօտ լուսոյ» աղօթելով կը սկսիք ձեր առօրեան, հայոց պատմութեան պահերով կ՛ոգեւորուիք ու կը թրծուիք, հայ լեզուի պահերով կը պահպանէք մեր ազգը եւ կը պատրաստուիք միշտ պաշտպան կանգնելու մեր ազգային հարստութեան եւ մշակութային արժէքներուն»:
Սարգիս Փանոսեան իր խօսքը աւարտեց Սայաթ նովայի «Տաֆթար սիրէ, ղալամ սիրէ, գիրք սիրէ» խրատականով:
Օրուան տօնական մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին գիւղիս զաւակներէն` երգչուհի Սեւան Մեթլեանի ներկայացուցած ազգային եւ ժողովրդական երգերու կատարումով, ինչպէս նաեւ վարժարանիս միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտական պարախումբի գեղեցիկ պարի ներկայացումով:
Ձեռնարկի աւարտին վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան` բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ. «Տօնական ղօղանջներով հնչեց առաջին զանգը եւ աշակերտութիւն ուսուցչակազմ, պաշտօնէութիւն ու տնօրէնութիւն ստացան աշխատանքի ազդանշանը` աստիճանաչափ մը աւելցնելով մեր կրթական մակարդակին վրայ»: Ան հաստատեց, որ` մեր 44 նաւաստիները բաւարար տուեալները ունին մեր նաւը առաջնորդելու, եւ փարոսին հետեւելով զայն ճիշդ ժամանակին հասցնելու խաղաղ ծովափ:
«Մի վախնաք,- ըսաւ ան,- հոս կան զոյգ յատկութիւններ, ինքնազտման եւ քաշողական ուժի յատկութիւն, որոնցմով մեր շարքերը կը խտանանեւ կը բիւրեղանան` կենսագործելու մեր կրթական տեսլականը»:
Ան դիտել տուաւ, որ իբրեւ ազգային վարժարան մենք յանձնառու ենք թարգմանը ըլլալու մեր ժողովուրդի այն ձգտումին, որ նորահաս սերունդը կ՛ուզէ տեսնել իր հարազատ պատկերով, մեր ազգային ինքնութիւնը անաղարտ պահելով երազներ կենսագործելու: Անդրադառնալով տիրող քաղաքական անկայուն կացութեան` տնօրէնը ըսաւ, որ այս երեւոյթը մեզ բոլորս կը մղէ ըլլալու զգօն, պահելու մեր ժուժկալ առօրեան եւ կը պահանջէ բոլորին մասնակցութիւնը, գիտակից մօտեցումը, իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնը. արդարեւ, աշակերտ, ուսուցիչ, ծնողք եւ մարմիններ, ոչ ոք դուրս պէտք է գայ հաւաքական պատասխանատուութենէն, ոչ ոք իրաւունք ունի ինքզինք վերածելու հանդիսատեսի. բոլորս կոչուած ենք աշխատանքի, կեցուածքի եւ մասնակցութեան», հաստատեց ան:

