«Գեղանկարիչը Աչքերով Մտիկ Կ՛ընէ, Որպէսզի Հասկնայ, Պատգամը Առնէ Եւ Իր Ուրոյն Ձեւով Արտայայտէ» Կ՛ըսէ Վահէ Պարսումեան

Հարցայրոյցը վարեց` ՍԻՒԶԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ վաստակաշատ արուեստագէտ Վահէ Պարսումեանի ցուցահանդէսին:

Այս ցուցահանդէսին արուեստագէտը կը ներկայացնէ 20 տարբեր չափերու գործեր:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 հոկտեմբեր:

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս սկսած Էք ստեղծագործական աշխատանքը եւ` ո՞ր տարիքին:

ՎԱՀԷ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ.- Շատ փոքր էի, երբ հօրաքրոջս տղան, որ նկարչական հակումներ ունէր, եւ որուն հետ օր մը գիւղն էինք, դիմանկարս նկարեց: Մօտաւորապէս 6-7 տարեկան էի եւ այդ օրն իսկ որոշեցի նկարչութեան սկսիլ: Անկէ ետք բաւական դժուար ժամանակներ անցուցի, բայց միշտ մտքիս մէջ կար այդ մէկը:

Հ.- Ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած էք եւ այդ բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր ներաշխարհին վրայ:

Վ. Պ.- Իմ ներաշխարհս, մանաւանդ այսօ՛ր, հարցադրումներու վրայ հաստատուած է, քանի որ տասնեակ տարիներ արուեստի աշխարհի մէջ աշխատելէս ետք հասկցայ, թէ արուեստ կիրարկելու համար պէտք է հարցադրումներ ունենամ, որպէսզի կարենամ թափանցել երեւելի աշխարհի ձեւերը, պատգամը կամ անոնց նպատակը: Ինչո՞ւ գոյութիւն ունին, ինչո՞ւ չունին: Այդ ձեւով է, որ զարգացուցի իմ աշխատանքս: Յետոյ կամաց-կամաց հասկցայ, որ ամէն ինչ ձեւ մըն է եւ երբ ձեւը ինքնութիւն կ՛ունենայ անուն մը կու տանք, այդպիսով կը ճանչնանք այդ ձեւը եւ անոր համաձայն մեր յարաբերութիւնը կ՛ունենանք: Անշուշտ մեր հարցադրումներուն ընթացքին կը հարցնենք, թէ ինչո՞ւ արուեստ կը կիրարկենք, ի՞նչ է արուեստը, որ մեզ եւ մեր կեանքը կը կեդրոնացնէ արուեստի աշխարհին մէջ:

Ուրեմն կամաց-կամաց աշխատելով հասկցայ, որ արուեստը աչքերով աշխարհը մտիկ ընել է, որպէսզի հասկնանք, պատգամը առնենք եւ մենք մեր ուրոյն ձեւով արտայայտենք: Հոն արտայայտուածը մենք ենք, որովհետեւ մենք յարաբերութիւն ունինք տիեզերքին հետ, ամէն ինչի հետ, ուրեմն պէտք է լաւ մտիկ ընենք, լաւապէս խորքը թափանցենք: Անոր համար քանի մը տարիէ ի վեր փիլիսոփայական հարցերով հետաքրքրուած եմ, որպէսզի հարցադրումներս կեդրոնացնեմ որոշ հարցերու վրայ, որ ինծի համար շատ կարեւոր է. այս խնդիրին մէջ ուրիշ բան մըն ալ զուգահեռ կ՛ընթանայ: Ստեղծագործ արուեստագէտներ կը հիմնուին ընտիրին, գեղեցիկին վրայ, ինչ որ մեծ զարգացում կը պահանջէ: Միշտ պէտք է զարգանայ , անոր կողքին անուշիկը, արուեստին մաս չի կազմեր, քանի անուշիկը աչքէն անդին չի թափանցեր, իսկ գեղեցիկը, ընտիրը մեր խորքը կը թափանցէ եւ մեր փնտռածը ա՛յդ է, եթէ այդ գեղեցիկը  չտեսնենք, կեանքը իմաստազուրկ կը դառնայ:

Հ.- Ապրելով Եւրոպայի մէջ, նկարչութեան ո՞ր դպրոցները կամ ժանրերը տպաւորած են ձեզի:

Վ. Պ.- Նախ եւ առաջ սկսայ ուսումնասիրել նկարչութեան պատմութիւնը, եթէ պատմութիւնը չենք գիտեր, չենք կրնար յառաջանալ: Այսինքն` հինը պէտք է ուսումնասիրենք, որ նորին մէջ թափանցենք: Ամէն ստեղծագործ նկարիչ պէտք է ժամանակը նկատի առնէ, որպէսզի առաջ երթայ:

Սկիզբը Իտալական արուեստը զիս հետաքրքրած էր, ետքը` Ecole de Barbizone, անկէ ետք տպաւորապաշտ դպրոցը  մինչեւ քիուպիզմները: Արդէն վերջիններով է, որ հարցադրումներու աշխարհը բացուեցաւ, անկէ ի վեր նկարչական յեղափոխութիւնները սկսան իրարու յաջորդել, եւ ես մտայ այդ հոսանքին մէջ, որպէսզի հին նկարչութիւն չընեմ, այժմէականութեան հետ քայլ պահեմ:

Հ.- Ըլլալով լիբանանահայ ծագումով գեղանկարիչ, ի՞նչ արժեւորում կրնաք տալ այսօր լիբանանահայ նկարչութեան:

Վ. Պ.- Ինչո՞ւ լիբանանահայ եւ ոչ թէ լիբանանեան ծագումով հայ չենք ըսեր: Պատմութեան ընթացքին, մօտ 90 տարիէ իվեր Լիբանանի շատ բարիք բերինք, ուրեմն մաս կը կազմենք ծագումով հայ լիբանանցիներու աշխարհին:

Լիբանանահայ նկարիչներուն մասին խօսելէ առաջ կ՛ուզեմ նախ յստակացնենք նկարիչ հասկացողութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր իսկական արուեստագէտ պէտք է քար մը աւելցնէ նկարչական պատմութեան մէջ: Հետեւաբար, պիտի փափաքիմ, որ այս անհրաժեշտութիւնը դրոշմուած ըլլայ մեր արուեստագէտներուն մօտ,

Հ.- Մշակոյթը` իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասկնալի եւ ըմբռնելի յարաբերութեան ձեւ, վստահաբար ձեզի տուած է կարելիութիւն ծանօթանալու շատ մը ժողովուրդներու մշակոյթին, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունինք այս իմաստով:

Վ. Պ.- Նախքան քրիստոնէական շրջանը, կար եգիպտական արուեստը, զոր մենք արուեստ կը կոչենք, սակայն իրենց համար աստուածային պատգամ մըն էր, կ՛ուզէին աստուածներու հետ կապ հաստատել արուեստով եւ ժամանակի ընթացքին տոկալ, որպէսզի սերունդներուն փոխանցեն:

Եւրոպա հաստատուած առաջին տարիներուս այդ եգիպտական արուեստը շատ ուսումնասիրեցի եւ որոշ բաներ հասկցայ, այդ մէկը մինչեւ այսօր արուեստագէտ նկարիչներուն քով գոյութիւն ունի, չափի հասկացողութիւնը եւ ըմբռնողութիւնն է, որովհետեւ նկարչութեան մէջ պատկեր շինելը հարց չէ, հարցը չափանիշն է, քանի որ տիեզերքի մէջ ամէնէն պզտիկ մանրէէն սկսեալ ամէն ինչ չափ ունի, հաշիւ ունի, ոչինչէն եկած բան չէ: Այս մէկը շատ օգտակար եղաւ, որպէսզի ժամանակակից նկարչութեան մէջ որոշ ուսումնասիրութիւններ ընեմ: Օրինակ` ամէն մարդ կ՛ըսէ Փիքասոն ափրիկեան մասքերէ առնուած է, դիւրին խօսք մըն է: Ափրիկեցիները այդ մասքերը կ՛ընէին իբրեւ որոշ բաներ խորհրդանշող, բայց Փիքասոն մէջտեղ բերաւ չափը` «composition»-ը, ամբողջ իր նկարներուն մէջ չափի հասկացողութիւնը կար, հոն է, որ արուեստագէտի մեծութիւնը կը տեսնենք: Չափն է, որ մեզի գիտական աշխարհը բացաւ, մինչեւ իսկ օդանաւեր շինեցինք: Ամէն բանի մէջ չափ կայ, միայն զգացականը չէ: Մարդիկ միշտ ճակատագրական ձեւով հարցումներ կը հարցնէին, որ եթէ զգացում չկայ նկարչութիւն չկայ, ես կ՛ըսեմ զգացումը ամէն տեղ է, եթէ միտք չկայ նկարչութիւն չկայ, որովհետեւ ամէն ինչի մասին կրնանք խօսիլ, տեսնել, շինել: Միայն զգացումն է, որ չենք կրնար զսպել կամ տուփի մը մէջ դնել, ուրեմն զգացումը միշտ մեզի կ՛ընկերանայ, բայց անոր վրայ եթէ արուեստագէտը հիմնուի չի կրնար յառաջանալ: Այստեղ միտքը շատ կարեւոր է:

Հ.- Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք արուեստագէտի մը յաջողութիւնը, անշուշտ կը խօսինք որակեալ չափանիշերով ստեղծագործող անհատներու մասին:

Վ. Պ.- Չափանիշ ունենալու համար մէկը ամբողջ  կեանքը պէտք է աշխատի եւ միշտ զարգանայ, անշուշտ երբեմն թերթերուն մէջ կը կարդանք, որ արուեստագէտ մը մեծ յաջողութիւն մը արձանագրած է: Ասոնք կը նմանին ժամանակաւոր փայլող աստղերու:

Որպէսզի մէկը չափանիշ ունենայ ամէն օր պէտք է աշխատի, ինքզինք զարգացնէ, հոն է չափանիշը: Ձեզի օրինակ տամ` 20-րդ դարու նկարչութեան դուռ բացողներէն մէկը Փոլ Սեզար առաջին նկարը ծախեց երբ 56 տարեկան էր: Վանկոկը կեանքին մէջ 1 հատ նկար ծախած էր, բայց այսօր դարերու ընթացքին ան իր դրոշմը ձգած է ու  կը մնայ: Այս տեսակի նկարիչները չափը, գոյնը եւ նիւթը իրարու հետ ամբողջացուցած են:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք արուեստագէտ եւ արուեստասէր կապը, եւ այս բոլորին մէջ ո՞ւր կը կայանայ արուեստագէտին դերը եւ նշանակութիւնը:

Վ. Պ.- Արուեստագէտը կ՛աշխատի ժողովուրդին համար, ընդհանրապէս արուեստասէր ժողովուրդը անմեղ է, չի գիտեր: Արուեստագէտն է, որ ցոյց կու տայ քանի ինքն է աչքը եւ մտածողը, ինչպէս ըսինք աչքով մտիկ կ՛ընենք:

Ընդհանրապէս ժողովուրդը կը հետեւի անուշիկին, ինչ որ յանցանք չէ: Անոր համար պէտք է շատ խիստ ձեւով զանազանել եւ արժեւորել, քանի մեր քաղաքակրթութեան մէջ արժէքներն են, որ կը մնան: Մանաւանդ Լիբանանի մէջ կ՛ըսեն երբեմն  թէ ցուցահանդէսի մը ընթացքին բոլոր գործերս ծախուեցան: Այս մէկը կարճ յաջողութիւն է, ամէնը ծախելը չի նշանակեր, որ արուեստի մէջ յաջողած ենք: Խնդիրը վաճառականական հարց չէ, քանի որ նկարչական գործ մը ապրանք չէ, այլ հոգիի, մտքի աշխատանք է: Բայց հոս նորէն կ՛ուզեմ պաշտպանել ժողովուրդը քանի անմեղ է այս առումով:

Հ.- Ո՞ր պահերը կամ մթնոլորտը կը լիցքաւորեն  ձեզի ձեր ստեղծագործական աշխարհին մէջ:

Վ. Պ.- Ընդհանրապէս առաւօտեան կը սկսիմ աշխատիլ եւ ժամը 3:00-էն վերջն է, որ կը սկսիմ արդիւնք տալ, աւելի կը խորանամ կը թափանցեմ: Երբեմն չեմ կրնար ստեղծագործել, գիրքերս կ՛առնեմ եւ կ՛ուղղուիմ պարտէզ, 1 ժամ կը կարդամ, որպէսզի կրկին արուեստի աշխարհին մէջ մտնեմ: Քանի որ մեր աշխարհին մէջ շատ աղմուկ կայ, մեր աչքը շատ կը տարուի այդ բաներով, անոր համար արուեստագէտը մինակ է, ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի իր աշխարհին մէջ մնայ առանց խանգարուելու:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք ժամանակակից հայ նկարչութիւնը եւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայ նկարչութեան միջազգայնացման գործընթացը:

Վ. Պ.- Դժուար գործընթաց է, քանի որ նախ մեր պայմանները շատ դժուար էին եւ ընդհանրապէս հայերը, որոնք միջազգայնացման մակարդակի հասած են, իրենց անձնական աշխատանքով կատարած են  այդ մէկը:

Երկրորդ, որպէսզի դիւրացնեմ իմ գաղափարս, այսօր միջազգային համբաւ կ՛ըսեն. կ՛արժէ այդ գործին թուականին նայիլ եւ պիտի տեսնենք, որ նուազագոյնը 50 տարի առաջ եղած արուեստի դպրոցներու հետեւող մարդոց գործեր են:

Հ.- Վերջապէս ի՞նչ ըսելիք ունիք «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի գործունէութեան մասին:

Վ. Պ.- Նախ Համազգայինի ցուցասրահի գործունէութիւնը շատ գնահատելի կը տեսնեմ, որովհետեւ կը փորձեն արուեստագէտը եւ իր գործերը ներկայացնել ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ աւելի լայն շրջանակներու մէջ: Եւ այս հանգամանքը կարեւոր է, որովհետեւ հայերը Լիբանանի մէջ ապրելով հանդերձ, պէտք է զգուշ ըլլան կղզիացումէ: Համազգայինը այս իմաստով կը կիրարկէ օգտաշատ քաղաքականութիւն:

Երկրորդ` մէկ շաբթուան ընթացքին, կապ ունեցայ ոչ հայ շրջանակներու հետ, որոնք գովելի ձեւով արտայայտուեցան: Կարծեմ ցուցասրահը պէտք է շարունակէ խիստ ըլլալ գործերը զտելու մէջ, քանի որ Համազգայինի պատգամը լոյսն է, որ պիտի լուսաւորէ ժողովուրդը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES