Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Նատուա Քամաթիէ Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան համաձայն, լիբանանեան Նատուա Քամաթիէ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու 25-րդ ախոյեանութեան, քառորդ աւարտականին յաղթելէ ետք Իրաքի ախոյեան Իմամ Մըքթինին (3-2), ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը:
Կիսաւարտականին, Քամաթիէ իր դէմ պիտի ունենայ արաբական ախոյեան Ահլին (Եգիպտոս), որ քառորդ աւարտականին յաղթեց Լիբանանի ախոյեան Ժընուպ Թուլին:
CATEGORIES Մարզական


