Արտեոմ Սիմոնեան Պիտի Հրաւիրուի Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքական

ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի երիտասարդներու խումբին միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան շուտով պիտի միանայ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքական:

Այս մասին, «Ֆութպոլ +» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է երիտասարդներու հաւաքականին նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորութեամբ, Արտեոմ Սիմոնեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES