Ճատրակ. Եւրոպայի Ակումբներու Բաժակի Մրցաշարք. Միքա` 3-րդ Դիրքին Վրայ

Հայկական Միքա ճատրակի աղջկանց խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի ճատրակի ակումբներու բաժակի մրցաշարքին, 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ 4 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Նոյնքան կէտ ունին նաեւ երկու այլ խումբեր` Փոլիթեքնիքա Իասի եւ Ուկրա:

Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Սերքլը տ՛Էշեքս, որ ապահոված է առաւելագոյն 6 կէտը:

Նշենք, որ Միքայի մաս կը կազմեն Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:

Share this Article
CATEGORIES