Հուսամէտտին Հարիրիի Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. 14 Նոյեմբերին Սկսելիք Մրցաշարքը Միայն Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խումբերով
14 նոյեմբերին սկսելիք Հուսամետտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 23-րդ միջազգային մրցաշարքին, այս տարի պիտի մասնակցին միայն Լիբանանի Ա. դասակարգի ակումբները: Այս որոշումը նկատի տրուած է` նկատի ունենալով, որ ՖԻՊԱ-ն Լիբանանը կախակայած է միջազգային կամ արաբական որեւէ տեսակի մրցաշարք հիւրընկալելէ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մրցաշարքին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին մօտիկ ապագային, երբ տեղի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Նիզար Ռաուաս ըսաւ, որ հրաւէրը ուղղուած է Ա. դասակարգի բոլոր ակումբներուն, որոնք սիրայօժար կերպով պիտի մասնակցին այդ մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական

