Աբրահամ Խաշմանեան` Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն երէկ տեղեկացանք, որ Արարատ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան նշանակուեցաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ:

Ան փոխարինեց Ռաֆայէլ Նազարեանը, որ միեւնոյն ատեն ալ Փիւնիկի մարզիչն է:

Նազարեանի գլխաւորութեամբ, երիտասարդներու հաւաքականը, Եուրօ-2015-ի զտումի 4 մրցումներուն ընթացքին կրեց 3 պարտութիւն եւ արձանագրեց միայն յաղթանակ մը:

Նշենք, որ Խաշմանեանի օգնականներն են Արման Տոնոյեան եւ Աշոտ Գրիգորեան, իսկ բերդապահներուն մարզիչն է Արման Կիրակոսեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES