«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն` 5-0 Արդիւնքով Յաղթական
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ:
Երէկուան այս մրցումներուն մեծագոյն յաղթականները հանդիսացան Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որոնք արձանագրեցին 5-0 արդիւնքով յաղթանակներ, յաջորդաբար` Վիքթորիա Փլզենի եւ Անտըրլեխթի դէմ:
Պայէրնի կոլերէն երկուքը նշանակեց Ֆրանք Ռիպերի:
Ինչ կը վերաբերի Փարիզ Սեն Ժերմենի արձանագրած յաղթանակին, անոր չորս կոլերը նշանակեց Զլաթան Իպրահիմովիչ:
Գագաթի ճակատումին, Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Եուվենթուսի, շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նշանակած կոլերուն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Պայէր Լեւերքուզըն – Շախտիոր Տոնեցք 4-0
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռէալ Սոսիետատ 1-0
Բ. ԽՄԲԱԿ
Կալաթասարայ – Քոփենհակըն 3-1
Ռէալ Մատրիտ – Եուվենթուս 2-1
Գ. ԽՄԲԱԿ
Անտըրլեխթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-5
Պենֆիքա – Օլիմփիաքոս 1-1
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մոսկուայի Բանակայիններ – Մանչեսթըր Սիթի 1-2
Պայէրն Միւնիխ – Վիքթորիա Փլզեն 5-0