Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար 2013-2014 Տարեշրջանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հայաստան – Անգլիա
Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի զտումի մրցաշարքի 7-րդ խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ, 23-30 հոկտեմբերին:
Հայաստանի հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան` Անգլիան, Իրլանտան եւ Ճիպրալթարը:
Արդէն իսկ երէկ բոլոր երկիրներուն պատուիրակութիւնները ժամանեցին Երեւան:
Անգլիոյ հաւաքականը տեղեկացուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, իսկ մնացեալ երկու երկիրներուն հաւաքականները` Նայիրի պանդոկին մէջ:
Յաջորդ հանգրուանին կը հասնին իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ 13 խմբակներուն մէջ լաւագոյն երրորդ դիրքը գրաւած խումբը:
Ստորեւ` 7-րդ խմբակին մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Երեւանի ժամանակացոյցով).
24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անգլիա – Հայաստան 15:00 Ակադեմիա
Իրլանտա – Ճիպրալթար 17:00 Հանրապետական
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ճիպրալթար – Անգլիա 15:00 Ակադեմիա
Իրլանտա – Հայաստան 17:00 Հանրապետական
29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Անգլիա – Իրլանտա 15:00 Հանրապետական
Հայաստան – Ճիպրալթար 15:00 Ակադեմիա