Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին. Թենիսի Մրցաշարք` «Հիլթըն Մեթրոփոլիթըն»-ի Դաշտին Վրայ
Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Հիլթըն Հապթուր Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին, կիրակի, 27 հոկտեմբերին, անոր դաշտին վրայ (Հըրշ Թապեթ-Սին Էլ Ֆիլ) տեղի պիտի ունենայ թենիսի մրցաշարք մը` 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (երկսեռ):
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ «Սոսիեթէ Ճեներալ» («Էս. Ճի. Պի. Էլ.») դրամատան:
Այս մրցաշարքը պիտի ընթանայ երկու հանգրուանով: Առաւօտեան ժամը 9:00-էն կէսօրուան ժամը 12:00, անոր պիտի մասնակցին սկսնակ խաղացողներ, իսկ 12:30-էն 15:30` փորձառութիւն ունեցողներ:
Կէսօրուան դադարին, խաղացողները ճաշի հիւրը պիտի ըլլան կազմակերպիչներուն, իսկ մրցաշարքին աւարտին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւն, որուն ընթացքին մրցանակներէն բացի, յատուկ վկայագիրներ պիտի տրուին բոլոր մասնակցողներուն:
Արձանագրութեան համար, կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-733127 եւ 76-789500, առաւելագոյնը մինչեւ շաբաթ, 26 հոկտեմբեր, ժամը 18:00: