Անթուան Գալայճեան Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն
Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումի հիմնադիրներէն, համախմբումի վարչութեան դիւանի անդամ ու բանբեր Անթուան Գալայճեան երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ծանօթանալու 2010-ին հիմնուած համախմբումի աշխատանքներուն եւ քննարկելու Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումներու լոյսին տակ քրիստոնեաներուն դիմաց ծառացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ զանոնք դիմագրաւելու կարելիութիւնները: Գալայճեան շեշտեց կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան պահպանման գործնական քայլերուն, որոնց շարքին նիւթական օժանդակութիւնը եւ այդ նպատակով ստեղծումը համաշխարհային ֆոնտի մը, որուն մօտ գտնուող գումարը օգտագործուի երկարաժամկէտ ծրագիրներու եւ բաւարարման անմիջական կարիքներու, ինչպէս` դպրոցական եւ համալսարանական ծախսերու ապահովում` քաջալերելու համար քրիստոնեաներու բազմածնութիւնը:
Գալայճեան նշեց, որ այս ուղղութեամբ որոշ օժանդակութիւն ապահովելու համար երկու անգամ այցելած է Վատիկան եւ ներկայացուցած յստակ ծրագիրներ, որոնք տեղւոյն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ արժանացած են դրական ընկալման: Ան ներկայիս կը ծրագրէ ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ եւս կապ հաստատել եւ այդ նպատակով` մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ ղեկավար Քիրիլ պատրիարքին հետ: Գալայճեան նաեւ հանդիպում ունեցած է եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ աշխատանք կը տանի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերով զբաղող միջինարեւելեան այլ կազմակերպութիւններ միացնելու` մեկնելով այն սկզբունքէն, որ միութիւնը զօրութիւն է:
Նշենք, որ Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումի ընդհանուր քարտուղարն է Մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը:
Գալայճեան խմբագրութեան փոխանցեց տեղեկութիւններ 26-27 հոկտեմբերին յոյն կաթողիկէներու Ռապուէի «Կրեկորիոս Գ. պատրիարք» համալիրին մէջ Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին խորհրդաժողովին մասին, որուն պիտի մասնակցին արաբական տարբեր երկիրներէ քրիստոնեայ ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ գումարուելիք խորհրդաժողովին նպատակն է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն միջեւ հաղորդակցութեան կապ ստեղծել եւ անոնց համար ապահովել լրագրութեան ամպիոն մը, ներկայացնել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հետաքրքրող հիմնական հարցերը եւ դիմագրաւել այն մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան անոնց գոյութեան ու ապագային:
Խորհրդաժողովի ընթացքին նաեւ փորձ պիտի կատարուի որդեգրելու գործնական աշխատանքներու որոշումներ, որոնք կ՛ապահովեն խորհրդաժողովին շարունակականութիւնը, որպէսզի անիկա ըլլայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները համախմբող եւ անոնց անունով խօսող շրջանակ մը` այդպիսով զօրացնելով Միջին Արեւելքի մէջ անոնց ներկայութիւնը:

