«Մայրենիի Դեսպան» Մետալ` «Ալիք»-ի Գլխաւոր Խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանին

Հոկտեմբեր 22-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Իրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը հիւրին ներկայացուց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ գործունէութեան արդիւնքները:

Դերենիկ Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` նշելով, որ հպարտ է սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ցուցաբերուած մեծ ուշադրութեան, հոգատար վերաբերումին, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Խմբագիրին համաձայն, «Ալիք» օրաթերթը, հակառակ անոր որ ձգտած է աշխուժօրէն լուսաբանել սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, սակայն կատարուածը բաւարար չի նկատեր ու կը ձգտի առաւել եւս ներկայացնել սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ձեռնարկները, իրականացուցած ծրագիրներն ու աշխատանքները:

Հանդիպման աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի տարածման եւ հայապահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին համար «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց Դերենիկ Մելիքեանը` անոր մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ:

«Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալին արժանանալուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES