Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածի. «Հայաստանի Հրատարակչական Մարզի Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով Կլոր Սեղան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, երէկ` չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին շահեկան քննարկում մը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ երիտասարդ թէ երէց մշակութասէրներու, ուսուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ազգայիններու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները` Մկրտիչ Կարապետեան (Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ, «Էտիդ Պրինդ» հրատարակչատան տնօրէն), Սէյրանուհի Գեղամեան (Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան վարչութեան պետ), Ռուզան Տօնոյեան (Հայաստանի գրադարաններու միութեան նախագահ, «Խնկօ Ապեր» անուան ազգային գրադարանի տնօրէն), Սոկրատ Մկրտիչեան («Զանգակ» հրատարակչատան տնօրէն) եւ զրուցավար` Եսայի Հաւաթեան:

Ապա ներկաները դիտեցին այս առիթով պատրաստուած շուրջ տասը վայրկեան տեւող տեսերիզ մը, որ երաժշտախառն վաւերագրական մըն էր, հայ գիրքի, ընթերցանութեան, 2012-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն եւ փառատօներուն, նաեւ առհասարակ հայկական մշակոյթի, գիրք-ընթերցող-գրող-հրատարակիչ գործօններուն մասին:

Զրուցավար Եսայի Հաւաթեան` ողջունելէ ետք ներկաները, սկսաւ քննարկման, հարց տալով, թէ ներկայի պայմաններուն մէջ, երբ համացանցը «գրաւած» է աշխարհը, զեկուցաբերները ինչպէ՞ս կը տեսնեն հայ գիրքի ապագան, «ձեր տեսլականը ի՞նչ է», հարցուց ան: Առաջին հերթին պատասխանեց Մկրտիչ Կարապետեան, որ այնքան ալ մտահոգիչ չգտաւ համացանցի առկայութիւնը` ընդգծելով, որ ընթերցողներու միայն 5-10 առ հարիւր տոկոսը ելեկտրոնային գիրք կը կարդայ:

«Ես դրա մէջ վտանգ չեմ տեսներ, վտանգը ընդհանրապէս գիրք չկարդալուն մէջ է: Մենք պէտք է գիրքի ընթերցանութեան խթաններ գտնենք», շեշտեց Կարապետեան: Սոկրատ Մկրտիչեան նշեց, թէ 30-40 տարի առաջ ընթերցողի հետաքրքրութիւնը ուրիշ դաշտեր էին: «Այսօրուան երեխաները նոյնը չեն, մենք պէտք է մեր երեխաներուն հետ համահունչ քալենք», ընդգծեց ան: Ան աւելցուց, թէ այսօր Հայաստանի մէջ հրատարակչատան գործը եկամտաբեր է «ու մենք պարտաւոր ենք այսօր որակաւոր գիրք եւ իր ելեկտրոնային օրինակը տպել»:

Իր կարգին Սէյրանուհի Գեղամեան ընդգծեց, թէ գիրքը յաւերժական արժէք է: «Մնացեալը մեր կամքէն անկախ է, բացասական երեւոյթները միայն հայկական չեն, համաշխարհային մակարդակով են», շեշտեց Գեղամեան:

Իսկ Ռուզան Տօնոյեան շեշտեց, որ կարեւորը այն է, որ երեխաները գիրք ունենան:

Կլոր սեղանի քննարկման յաջորդ հանգրուանին, զրուցավար Եսայի Հաւաթեան արծարծեց գիրքի, գրողի, ընթերցանութեան եւ հրատարակչութեան կարեւորութեան ու դերակատարութեան հարցը` նշելով, թէ գիրքերու վաճառքով արդեօք կարելի՞ է հրատարակչական գործը շարունակել Հայաստանի մէջ:

Մկրտիչ Կարապետեան իր պատասխանին մէջ անդրադարձաւ նաեւ խորհրդային իշխանութեան օրերուն շուրջ յիսուն հազար տպաքանակով հրատարակութեան վերաբերող հարցումի մը եւ հակիրճ բաղդատականով մը նշեց, թէ խորհրդային օրերուն պետութիւնը կը ստանձնէր այդ աշխատանքը եւ հրատարակութեան 50 առ հարիւր տոկոսը կը բաժնուէր գրադարաններու: «Թէեւ ներկայի դրութիւնը ողբալի չէ, բայց ժամանակը փոխուած է, ընթերցողը կարդալիք գիրք պէտք է գտնէ, երբ հեղինակը ընթերցուող է` անպայման որ գիրքը կը սպառի», ըսաւ ան:

Սէյրանուհի Գեղամեան դիտել տուաւ, թէ այս երեւոյթը միայն Հայաստանին յատուկ չէ, հաւանաբար Լիբանանի մէջ ալ կայ այդ մէկը: «Անշուշտ կը ցաւինք, պէտք է հնարներ գտնել, որ արժէք տայ գիրքին», ընդգծեց ան իբրեւ օրինակ նշելով, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը կազմակերպուած ձեռնարկ մը` «Մուտքը մէկ գիրք է» կարգախօսով, որուն ընթացքին 12 հազար օրինակ գիրք հաւաքուած ու բաժնուած էր ընթերցողներուն:

Սոկրատ Մկրտիչեան դիտել տուաւ տպուող գիրքերու բնոյթը` յայտնելով, որ երբ հոգեբանական, փիլիսոփայական գիրքեր հազարներով կը տպուին, «մինչ գեղարուեստական գրականութեան պարագային համապատասխան ընթերցող չկայ»:

Սէյրանուհի Գեղամեան թուեց ներկայի միջին տպաքանակը, որ 700-1000 է` յայտնելով, որ հրատարակչութիւնը ազատ մենաշնորհ է, եւ թէ շուկան է, որ պահանջարկը կը թելադրէ: Ան աւելցուց, թէ ծրագիր կայ զարկ տալու հայրենասիրական գիրքերու տպագրութեան, «սակայն ծնողները պէտք է քաջալերեն ընթերցանութիւնը», շեշտեց ան:

Սոկրատ Մկրտիչեան իր կարգին դիտել տուաւ, թէ ներկայիս առաւելաբար անգլերէն կը կարդացուի, մինչ նախապէս (խորհրդային իշխանութեան օրերուն) աւելի շատ ռուսերէն կը կարդացուէր:

Ներկայ պայմաններուն մէջ հրատարակչական գործը ինքնաբա՞ւ է հարցումին անդրադառնալով, Մկրտիչ Կարապետեան յայտնեց, թէ 70-100 պաշտօնեաներով իր հրատարակչատունը տարեկան 250-300 անուն գիրք կը հրատարակէ` դիտել տալով, թէ «եթէ պետութեան աջակցութիւնը չլլայ` թերեւս չդիմանանք»: Իսկ Սոկրատ Մկրտիչեան նշեց, թէ ազատ շուկայի մէջ գիրք տպելու երեւոյթը Հայաստանի մէջ առաւելաբար թափ ստացաւ 1996-1997 թուականներէն ետք: Նախապէս գիրքերը կը տպուէին Ռուսիոյ մէջ ու Հայաստանի մէջ անոնք կը թարգմանուէին ու կը վաճառուէին:

«Ներկայիս ընդհակառակը, մենք իսլամ երկիրներու համար ուսողութեան, գեղարուեստի եւ այլ բնագաւառներու գիրքեր կը տպենք, ուր օրինակ հայ արժէքներ եւս կը նշուին», ընդգծեց Սոկրատ Մկրտիչեան: Սէյրանուհի Գեղամեան անդրադարձաւ այն տարբերութեան, որ կայ հրատարակչատան, որ գիրքը կը պատրաստէ, եւ տպարանին միջեւ, որ կը տպէ իրեն ղրկուած գիրքը: «Բարեբախտաբար մեր հրատարակչատուները նաեւ ունին տպարան, ինչ որ կը դիւրացնէ գործը», ըսաւ ան:

Հանրային գրադարաններու իրավիճակին մասին զրուցավար Եսայի Հաւաթեանի հարցադրումին անդրադառնալով` Ռուզանա Տօնոյեան նշեց, թէ Հայաստանի մէջ ներկայիս կան աւելի քան հազար հանրային գրադարաններ եւ աւելի քան 1500 դպրոցական գրադարաններ: «Իւրաքանչիւր մարզի մէջ կան գրադարաններ, որոնք կը վայելեն պետութեան աջակցութիւնը»:

Գիրքերու տարածման գծով առնուած քայլերուն անդրադառնալով` Սէյրանուհի Գեղամեան դրական ու քաջալերելի օրինակ իբրեւ նշեց համացանցի ճամբով լաւագոյն գիրքի ընտրութեան երեւոյթը: «Սակայն ինչ ալ ընենք, գիրքի ընթերցանութեան նահանջը առկայ է, ու ասիկա միայն հայութեան պարագային չէ, համաշխարհային երեւոյթ է», նշեց ան:

Իսկ Ռուզանա Տօնոյեան դիտել տուաւ, թէ ընթերցանութեան խթան հանդիսացող տարեկան ծրագիրներ, միջոցառումներ կը կազմակերպուին:

Մկրտիչ Կարապետեան իր կարգին դիտել տուաւ, թէ վերջին երկու տարիներուն կը կազմակերպուին ընթերցանութեան մրցումներ, որոնց տասը հազար երեխայ մասնակցած է: «Երեխաները կ՛ուզեն կարդալ բայց հնարաւորութիւն չկայ, տարեկան 300-500 անուն գիրք կը տպուի, բայց անոնք չեն հասնիր Հայաստանի հեռաւոր շրջանները», դիտել տուաւ ան:

Այս իմաստով Սոկրատ Մկրտիչեան առաջարկեց յառաջիկային կրկին գալ Պէյրութ եւ ընտրել 5-6 դպրոցներ, ուր գիրքի ցուցահանդէսներ կազմակերպուին եւ սփիւռքի երեխաները ծանօթանան հայաստանեան գիրքերու:

Իսկ ցարդ իրենց տպաւորութեան մասին հարցումին անդրադառնալով` Մկրտիչ Կարապետեան յայտնեց, թէ ինք խիստ յուզուած է եւ համոզուած է որ մեր երեխաները ապահով ձեռքերու մէջ են: Ան մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ իրենց այցելած դպրոցներուն եւ Ճեմարանին, անոնց աշակերտութեան եւ գրադարաններուն մասին:

Նմանապէս` Սէյրանուհի Գեղամեան այս քայլը նկատեց լաւագոյն ձեւը` «մէկ ազգ, համագործակցութիւն» կարգախօսը միասնական գործակցութեամբ իրականացնելու համար: Ան ընդգծեց, որ սփիւռքի մէջ շատ աւելի դժուար է հայ թերթ, հայ գիրք տպելը, քան Հայաստանի մէջ: Իր կարգին Ռուզանա Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց` ձայնակցելով իր զրուցակիցներու կարծիքներուն: Իսկ Սոկրատ Մկրտիչեան առաջարկեց, որ յաջորդին աւելի մեծ թիւով երիտասարդութեան ներկայութիւնը ապահովուի` իր մտահոգութիւնը արտայայտելով երիտասարդութեան անտարբերութեան գծով:

Իր կարգին Յակոբ Հաւաթեան եզրափակեց ձեռնարկը` բարձր գնահատելով հայրենի հրատարակչատուներու գործունէութիւնը, նշելով, որ յաջող գործակցութիւն կայ յատկապէս մանկապատանեկան գիրքերու հրատարակման դաշտին մէջ:

Նշենք, որ մէջ ընդ մէջ ներկաներէն եւս մասնակիցներ իրենց շահեկան ներդրումը կատարեցին կլոր սեղանի այս քննարկումին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )