Պաալպեքի Մէջ Բանակը Կ՛ենթարկուի Կրակոցի

Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ բանակը երէկ ձեռնարկեց ընդարձակ ներխուժումներու` կասկածելիներ ձերբակալելու նպատակով:

Շարաուինան շրջափակելու պատճառով բանակը ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր հետաքննութիւն բացաւ լիբանանեան բանակին դէմ կրակ բացողներուն հարցով եւ ապահովութեան ուժերէն ու գաղտնի սպասարկութենէն պահանջեց իր հսկողութեամբ շարունակել հետաքննութիւնը եւ բացայայտել բանակին դէմ կրակող յանցագործները:

Միւս կողմէ, Արսալի մէջ բանակը ձերբակալեց չորս սուրիացիներ, որոնք իրենց «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներով Սուրիայէն հասած էին Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )