Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Յետաձգուեցաւ 20 Նոյեմբերին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը երէկ յետաձգուեցաւ 20 նոյեմբեր 2013-ին, առանց փոփոխութեան ենթարկելու ժողովին քննարկուելիք օրակարգը:

Նիստը յետաձգուեցաւ ներկաներու օրինական թիւի չգոյութեան պատճառով, ինչպէս նախատեսուած էր` նկատի ունենալով, որ Մուսթաքպալի պլոքը որոշած էր այդ նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ խորհրդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ իրենք կ՛ապրին ոչ դիմակաւոր բռնատիրութիւն մը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն կողմէ կատարուածը հակասահմանադրական է` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառավարութիւն կազմելու եւ խորհրդարանին աշխատանքին հեզասահ ընթացք մը տալու որոշում չունի:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը նախանցեալ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, որ հարց տուաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցած անոր հանդիպումներուն մասին:

Ժոմպլաթ նշեց, որ խորհրդարանի նիստին նկատմամբ Սինիորայի կեցուածքը ժխտական է եւ անտեղի:

Իր կարգին, Պըրրի «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զարմանք յայտնեց օրէնսդրական նիստին հակասահմանադրական ըլլալուն մասին եւ հաստատեց, որ եթէ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը կարենայ մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, ապա խորհրդարանին պաշտօնավարութեան նստաշրջանը կարելի է կարճեցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )