Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Միւֆթի Շաարը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի, շէյխ Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ յատկապէս Թրիփոլիի վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Շաար մաղթեց, որ Միքաթի կարենայ վերջ մը դնել Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող բոլոր զարգացումներուն, որովհետեւ այլեւս կարելի չէ ներկայ կացութեամբ գոյատեւել:
Միւֆթի Շաար կոչ ուղղեց, որ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը լուծեն այս հարցը` աւելցնելով, որ անոնց կողմէ պարտադրուած որեւէ լուծում նուազ վնասակար պիտի ըլլայ, քան` ներկայիս տիրող ահ ու սարսափը:
Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան` Շաար շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ հաստատուելիք ապահովութիւնը քաղաքական բոլոր կողմերուն համաձայնութեան կարիք չունի, այլեւ` պետութեան կողմէ յստակ եւ խիստ որոշումի կը կարօտի:
Միւս կողմէ, Շաար շնորհաւորեց ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակումն ու տունդարձը` մաղթելով, որ ներկայիս ընթացող բանակցութիւնները կը յաջողին նաեւ ազատ արձակել առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները:

