Նախագահ Սլէյման Քարամէի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Կացութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի ապահովական կացութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցան ապահովութեան ուժերուն տրուած հրահանգները գործադրելու կարեւորութիւնը` կարենալ հակակշիռի տակ առնելու համար տիրող կացութիւնն ու որդեգրելու համապատասխան քայլեր` վերահաստատելու համար ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց վարչական ապապետականացման ծրագիրի մշակման մանրամասնութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան