Թրիփոլի Կը Տնքայ Արձակազէններուն Եւ Ռումբերու Կրակին Տակ
Թրիփոլիի մէջ նախանցեալ գիշեր մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը տեւած զինեալ բախումները շարունակուեցան երէկ կէսօրին եւ տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր:
Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ արձակազինութիւն, ռումբերու արձակում եւ նռնականետերով բախումներ, որոնք պատճառեցին մարդկային վնասներ` զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ` աւեր ու քանդում:
Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած է չորս զոհ, եւ աւելի քան երեսուն վիրաւոր:
Բանակը միջամտեց այդ բախումներուն եւ հակադարձեց կրակոցներուն, սակայն կարելի չեղաւ այդ բախումները հակակշիռի տակ առնել, ընդհակառակն` բախումներուն շրջագիծը ընդգրկեց նաեւ Քըպպէի, Ռիվայի, Պաքքարի, Պաալ Տարաուիշի, Մալլուլէի եւ Օմրիի շրջանները:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պարզուած այս իրավիճակին պատասխանատու է Մուսթաքպալ հոսանքին առաջնորդած զինեալ թեւը:
Իտ շեշտեց, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յանձնառու կը մնայ կրակոցներուն չհակադարձելու բանակին հրահանգին:
Իր կարգին, Իսլամական ազգային հանդիպումը կէսօրին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ:
Հանդիպումէն ետք Քապպարա յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերուն կողմէ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը ոչ մէկ լրջութիւն կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւն չկայ:
Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը վերածուած է սպանդի, որովհետեւ անիկա հիմնուած է անցարգելներ զետեղելու վրայ եւ Թրիփոլին վերածած շրջափակուած ու լքուած շրջանի մը:
Քապպարա շեշտեց, որ այդ ծրագիրը մերժելի է, որովհետեւ այդ անցարգելները Թրիփոլիին օժանդակելէ աւելի կը վնասեն անոր:
Կէս գիշերին արդէն զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէր:

