Ժառանգութիւն Խմբակցութիւնը ԵԽԽՎ Խորհրդարանական Պատոիրակութենէն Հեռացուեցաւ

Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը չէ նեռարուած ԵԽԽՎ խորհրդարանական պատուիրակութեան կազմին մէջ: Այս որոշումը տրուած է 23 հոկտեմբերին կայացած քուէարկութեամբ` Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի առաջնորդութեամբ:

Խորհրդարանական նիստին ընթացքին Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան յայտարարած է, որ Յովիկ Աբրահամեան ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը ոչ ձեռնտու հարցեր չարծարծէ:

Մինչ այդ, խորհրդարանը ծափերով ողջունած է Յովիկ Աբրահամեանի որոշումը` Ժառանգութիւն խմբակցութեան անդամները պատուիրակութեան մէջ չնեռարելու առնչուող:

Այս առիթով Զ. Փոստանջեան դիտել տուաւ, որ լուռ պիտի չմնան այս որոշումին գծով:

Share this Article
CATEGORIES