Քարլ Պիլտթ Կը Յայտարարէ. Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Հարցը` Վիլնիւսէն Ետք
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի մոլտաւական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին չորեքշաբթի օր յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հարցը պիտի քննարկէ Վիլնիւսի ժողովէն ետք:
«Հայաստանի կայացուցած որոշումը կը բխէր այդ երկրին բնորոշ շատ առանձնայատուկ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններէն: Ատոր կողքին պէտք է ընդգծել, որ անոնք չեն լքած Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը: Այն պահէն սկսեալ, երբ կայացաւ (Մաքսային Միութեան անդամակցելու) որոշումը, Հայաստանէն այցելութիւններու իսկական տարափ սկսաւ, եւ մեզի շարունակ կ՛ըսէին` «իրականութեան մէջ չէին ուզեր լքել (հոլովոյթը), մենք կ՛ուզենք կարելի եղածին չափ յառաջ շարժիլ, սակայն եղած են որոշակի ճնշումներ», կը պնդէ Պիլտթ:
Շուէտի դիւանագիտութեան պետը, որ նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի հիմնադիրներէն է, կը խոստանայ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու հարցին վերադառնալ Լիթուանիոյ մայրաքաղաքին մէջ նոյեմբերին կայանալիք խորհրդաժողովէն ետք միայն: «Վիլնիւսէն ետք արդէն մենք պիտի քննենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները: Այդ համագործակցութիւնը, ի հարկէ, պիտի չըլլայ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրի ծիրին մէջ: Համագործակցութեան այլ ձեւերը պիտի զարգացնենք», կը նշէ Պիլտթ:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը Մոլտաւիա ժամանած էր իր լեհ պաշտօնակիցին` Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ: Վերջինս իր կարգին կ՛ընդգծէ, որ` ի տարբերութիւն ռուսական կողմին, Պրիւքսել գործընկերներէն ոեւէ մէկուն ճնշելու մտադրութիւն չունի: «Եւրոպան ոեւէ մէկուն վրայ ճնշում չի բանեցներ: Մենք պարզապէս կը սահմանենք որոշակի պայմաններ, որոնք անհրաժեշտ են ընկերակցութեան համար: Եզրակացութիւնները արդէն ձերն են` ինչ յարաբերութիւններ կ՛ուզէք ունենալ` հաւատարիմ մնալ նախանշուա՞ծ ուղիին, թէ՞ ձեզ ստիպեն այս կամ այն որոշումը կայացնելու», կը նշէ ան:
Պիլտթ` իր գործընկերոջ խօսքին աւելցնելով, կը նշէ. «Մենք դուռ բացած ենք Մոլտաւիոյ, Ուքրանիոյ, Հայաստանի եւ միւս պետութիւններուն համար: Եթէ դուք կ՛ուզէք այդ դռնէն մուտք գործել դէպի այն կարելիութիւնները, զորս կ՛ընձեռէ Եւրոպական Միութիւնը` ատիկա ձեր որոշումն է: Եթէ կ՛ուզէք երթալ այլ ուղղութեամբ` այդ նոյնպէս ձեր կայացուցած որոշումն է»: