Ըստ «Իզվեսթիա»-ի. Այսօր Մինսքի Մէջ Պիտի Քննարկուի Հայաստանի` Եւրասիական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը` վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի յայտարարութիւնը, կը գրէ, որ այսօր Մինսքի մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի համատեղ կառոյցի գերագոյն մարմինի` Եւրասիական գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը: Անոր ընթացքին պիտի քննարկուի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցը:
Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորումը կ՛ակնկալուի մինչեւ 2015-ի յունուար, եւ, ըստ Ուշաքովի, եռեակ ձեւաչափով նիստին կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը պիտի դառնայ Հայաստանի անդամակցութեան հարցի քննարկումը:
Կը նշուի, թէ չի բացառուիր, որ նիստին հրաւիրուի նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետագայ ձեւաւորման մասին փափաք յայտնած էր սեպտեմբերին:
CATEGORIES Հայկական