Արծուիկ Մինասեան. «Եթէ Արժանապատիւ Կերպով Չի Վարձատրուիր Հանրային Ծառայողը, Շատ Բան Մի՛ Սպասէք Անկէ»
Դաշնակցութիւնը կողմ է կառավարութեան ներկայացուցած` «Պետական աշխատողների աշխատավարձերի միասնական համակարգի մասին» օրէնքի նախագիծին:
23 հոկտեմբերին կայացած Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին օրինագիծի քննարկման ժամանակ այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը` աւելցնելով, որ նախագիծը ՀՅԴ-ի ծրագրային դրոյթներէն է. ան կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն` իրարու օգնելու, որպէսզի նախագիծը առաւել եւս կատարելագործուի: Ըստ անոր, կառավարութիւնը օրէնքի նախագիծը արդէն իսկ չորս տարի ուշացումով ներկայացուցած է: Մինասեան նախագիծը քննադատողները յորդորեց չօգտագործել նախագիծը` իրենց ժողովրդական յայտարարութիւնները հնչեցնելու համար:
«Ըլլալով ընդդիմութիւն` այս ամպիոնէն անգամ մը եւս կը պնդեմ` եթէ արժանապատիւ կերպով չեն վարձատրեր հանրային ծառայողը, մի՛ սպասէք անոնցմէ ազգանուէր, արհեստավարժ վարքագիծի դրսեւորում: Մէկդի ձգեցէ՛ք այդ ժողովրդականութիւնը եւ եկէք նախագիծի քննարկումը չծաւալենք այս կամ այն պաշտօնատար անձի վարձատրութիւնը բարձրացնելու կամ չբարձրացնելու նիւթերուն շուրջ», նշեց Մինասեան:
Պատգամաւորը միաժամանակ յայտնեց, որ նախագիծին մէջ, այնուամենայնիւ, որոշ դրոյթներ չեն ներառուած, սակայն յոյս յայտնեց, որ քննարկումները առիթ կու տան ամբողջացնելու այդ բացը եւ զարգացնելու օրինագիծը: